«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը  

«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը շահեցաւ «Խաղաղութիւն Աշխարհին 2021» մրցումին գլխաւոր մրցանակը

Նաեւ, «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբը, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը, «Արար» երգչախումբը եւ «Գեղարդ»ը առաջին փուլին իւրաքանչիւրը իր դասակարգին մէջ ոսկի մետալ շահեցաւ:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայկական երգչախմբային խմբավարներու միութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ առցանց տեղի ունեցած Վիեննայի հեղինակաւոր` «Խաղաղութիւն աշխարհին 2021» միջազգային երգչախմբային մրցումին հայ երգչախումբերը փայլուն արդիւնք ապահովեցին։

«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբը մրցոյթին երկրորդ որոշիչ փուլին մէջ գլխաւոր մրցանակ շահած 14 երգչախմբերուն մէջ ճանաչուեցաւ լաւագոյնը, որուն շնորհիւ Grand Prix I մրցանակը շնորհուեցաւ Հայաստանին:

Նաեւ, «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբը, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ը, «Արար» երգչախումբը եւ «Գեղարդ»ը առաջին փուլին իւրաքանչիւրը իր դասակարգին մէջ ոսկի մետալ շահեցաւ:

«Գերազանց խմբավար»ի մրցանակներ ստացան Սոնա Յովհաննիսեան եւ Անահիտ Պապայեան, իսկ «Բացառիկ խմբավար»ի մրցանակ՝ Տիգրան Հեքեքեան, որ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ու խմբավարն է:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 08:05