Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները։ Կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները։  

ՄԱԿ-ը կլիմայի փոփոխութեան հարցով կը զգուշացնէ` աշխարհը աղէտի եզրին է։

Փորձագէտները կը կանխատեսեն համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակի անխուսափելի բարձրացում, ինչը բնականաբար կը հանգեցնէ մասշտաբային ջրհեղեղներու։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Համայն աշխարհին մէջ կլիմայական փոփոխութիւնը միշտ աւելիով նկատելի կը դառնայ ու երբեմն ունի շատ ողբերգական հետեւանքներ» Այս մասին յայտնած է ՄԱԿի մօտ գործող կլիմայի փոփոխութեամբ զբաղող փորձագէտներու միջկառավարական խումբը 9 օգոստոսին հրապարակած զեկոյցի մը մէջ, որուն պատրաստութիւնը կատարած են 66 երկիրներու 230 գիտնականներ։

Զեկոյցի համաձայն 1970 թուականէն ի վեր սկսած երկրի մակերևոյթին միջին ջերմաստիճանը զգալիօրէն աւելի արագ կը բարձրանայ, քան վերջին 2000 տարուայ ցանկացած համադրելի ժամանակաշրջանին։

Այսպէս, 2011-2020 թուականներուն ան մօտ 1,1 աստիճան Ցելսիուսով գերազանցած է է 1850-1900 թուականներու միջին ջերմաստիճանի ցուցանիշները։

Հրապարակուած փաստաթղթին մէջ նշուած է, որ նոյնիսկ մարդու գործունէութեան արդիւնքով ջերմոցային կազերու արտանետումներու զգալի կրճատումը կարող է ջերմաստիճանը կայունացնել միայն 20-30 տարի յետոյ։

Փորձագէտներու վարկածով՝ Եւրոպայի մէջ այս երեւոյթը կը հանգեցնէ արտակարգ շոգի, երաշտի և յորդառատ անձրևներու յաճախականութեան։ Քաղաքներն աւելի ու աւելի յաճախ կը դառնան բարձր ջերմաստիճանի գօտիներ՝ վերածուելով, այսպէս կոչուած, «տապի կղզիներու»։

Հարաւային Ափրիկէի և Միջերկրական ծովու շրջանները, որոնք բաւականին չոր են և տաք, աւելի պիտի տուժեն երաշտէն և տապէն։ Միւս կողմէ, հաւանականութիւն կայ, որ Արկտիկան մինչև 2050 թուական կարող է փաստացի մնալ առանց սառոյցի։

Փորձագէտները կը կանխատեսեն համաշխարհային ովկիանոսի մակարդակի անխուսափելի բարձրացում, ինչը բնականաբար կը հանգեցնէ մասշտաբային ջրհեղեղներու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2021, 12:02