Արարատը Արարատը 

Արարատ լերան մշտական ձիւնածածկ հատուածները սկսած են հալիլ։

տաք եղանակին պատճառով Թուրքիոյ մէջ կը հալի նոյնիսկ Արարատ լերան մշտական ձիւնածածկ հատուածը։

Վերջին օրերուն մեծ արագութեամբ կը հալին Արարատ լերան սառոյցներն ու ձիւնը, որ լրջօրէն մտահոգած է բնապահպանները։ Տեղի ունեցածը կրնայ լուրջ վնաս հասցնել Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան եւ յատկապէս լեռնագնացութեան։  

Վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները՝ Ermenihaber.am-ը կը տեղեկացնէ, թէ տաք եղանակին պատճառով Թուրքիոյ մէջ կը հալի նոյնիսկ Արարատ լերան մշտական ձիւնածածկ հատուածը։

Թրքական DHA լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է տեսանիւթ։

Տեղի կ՝ունենայ նաեւ կեղտի եւ կեղտաջուրի արտահոսք դէպի Արարատ լերան մօտ գտնուող գիւղեր։

Տեսանիւթը լուսանկարած է տեղի 40 տարուայ ուղեկցորդ-լեռնագնաց Մուրաթ Շահինը։ Վերջինս նշած է, որ նման երեւոյթի ականատես կ՝ըլլան առաջին անգամ։

Անոր խօսքերով, այս պահուն գիւղերուն վտանգ չսպառնար, սակայն իրավիճակը կրնայ փոխուիլ։ Շահին նշած է, որ եթէ այս ջերմաստիճանը պահնապնուի 5-10 տարի ետք Արարատ լերան վրայ ձիւնածածկ հատուածներ չեն ըլլար։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2021, 07:36