Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել  

«Չենք կրնար Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը վերահսկելու արտօնութիւն տալ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի» կ՛ըսէ Պորել

«Մենք կը բախինք Աֆղանիստանի մէջ բոլորովին նոր ողբերգական իրականութեան հետ: Ատիկա իրական աղէտ է աֆղաններուն համար, Արեւմուտքի հեղինակութեան համար, միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման համար», աւելցուցած է Պորել:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը վերահսկելու արտօնութիւն տալ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք չենք կրնար Աֆղանիստանի կացութիւնը վերահսկելու արտօնութիւն տալ Չինաստանին եւ Ռուսիոյ», ըսած է Պորել Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ:

Անոր համաձայն, ներկայ պահուս կը քննարկուի Աֆղանիստանի ապագան, հաւանական ձեւաւորումը ազգային միասնականութեան կառավարութեան, որուն մէջ կրնան տարբեր քաղաքական ուժեր ներառուիլ, ներառեալ նախկին կառավարութեան ներկայացուցիչներ:

«Մենք կը բախինք Աֆղանիստանի մէջ բոլորովին նոր ողբերգական իրականութեան հետ: Ատիկա իրական աղէտ է աֆղաններուն համար, Արեւմուտքի հեղինակութեան համար, միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման համար», աւելցուցած է Պորել:

Յիշեցնենք, որ Թալեպան արմատական շարժումը ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն հեռացման զուգահեռ` օրէ օր նոր քաղաքներ գրաւելով, 15 օգոստոսին մուտք գործած էին մայրաքաղաք Քապուլ:

Ժամեր ետք երկրի նախագահ Աշրաֆ Ղանի հրաժարական ներկայացուցած էր եւ հեռացած երկրէն: Ան այժմ ապաստանած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2021, 10:29