Ժոզեփ Պորել Ժոզեփ Պորել  

«Հայաստանը Եւրոպական Միութեան կարեւոր գործընկերն է» կ՛ըսէ Պորել

2018 թուականէն ի վեր մեր յարաբերութիւնները էականօրէն աշխուժացած են, իսկ 1 մարտ 2021-ին Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելը այլ կարեւոր, դրական փուլ մըն էր
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արարատ Միրզոյեանին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Հայաստանը Եւրոպական Միութեան կարեւոր գործընկերն է: 2018 թուականէն ի վեր մեր յարաբերութիւնները էականօրէն աշխուժացած են, իսկ 1 մարտ 2021-ին Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելը այլ կարեւոր, դրական փուլ մըն էր:

«Այս համաձայնագիրի կեանքի կոչումը առանցքային է մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, եւ մենք պատրաստակամ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ, որոնց շարքին` ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու ամրապնդման, աշխատատեղերու եւ գործարար կարելիութիւններու, շրջակայ միջավայրի, կրթութեան բարելաւման եւ գիտական հետազօտութիւններու համար կարելիութիւններու ուղղութեամբ», ըսած է Պորել:

Ան ընդգծած է, որ Միրզոյեանի նշանակումը տեղի ունեցած է Հայաստանի համար վճռորոշ ժամանակաշրջանի մէջ:

Պորել վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը նախորդ տարուան ռազմական գործողութիւններէն ետք նպաստելու տեւական եւ համապարփակ լուծման, ներառեալ` Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչի միջոցով` կարելիութեան պարագային աջակցելով յետհակամարտային վերականգնման ու վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման ուղղուած քայլերուն:

«Այս ծիրին մէջ մենք կը շարունակենք աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն: Աւելի՛ն, մենք նաեւ պատրաստ ենք օժանդակութիւն տրամադրելու սահմաններու սահմանազատման գործին մէջ: Հաշուի առնելով այն, որ մեր բոլոր երկիրները կը շարունակեն պայքարիլ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ, թոյլ տուէք ընդգծել, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է աջակցելու Հայաստանին` հանրային առողջապահական այս ճգնաժամը եւ ատոր հետեւանքները յաղթահարելու գործին մէջ», յայտնած է Պորել:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2021, 08:42