Ճօ Պայտըն Ճօ Պայտըն 

Կոչ կ՛ընենք՝ ապահով կերպով վերադարձնելու բոլոր գերիները․ Պայտըն

Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, Պայտըն կը գրէ, որ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացումը կ՛ընդգծէ հայ ժողովուրդի փափաքը՝ ունենալու աւելի ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ հասարակութիւն մը, որ զերծ է զեղծարարութիւններէ:

 Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան առթիւ:

Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ, Պայտըն կը գրէ, որ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացումը կ՛ընդգծէ հայ ժողովուրդի փափաքը՝ ունենալու աւելի ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ հասարակութիւն մը, որ զերծ է զեղծարարութիւններէ:

«Վերջին երեք տարիներուն Հայաստան յառաջընթացք արձանագրեց այս ոլորտներուն մէջ: Միացեալ Նահանգները ուրախ է օգնելու այս ջանքերուն», կը նշէ Պայտըն:

Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ «ապահովական դժուար մարտահրաւէրներուն, որոնք ի յայտ  եկան 2020ին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով»՝ աւելցնելով․ «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու կողմերուն՝ բանակցելու համապարփակ, խաղաղ կարգաւորման շուրջ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հովանիին տակ: Ամերիկա ուրախ էր աջակցելու Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու ջանքերուն, եւ մենք կը շարունակենք կոչ ընել՝ ապահով կերպով վերադարձնելու բոլոր գերիները»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2021, 10:24