Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորած է անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 31-ամեակը

1990 թուականի օգոստոսի 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհրդի ընդունած Անկախութեան հռչակագիրն ազդարարեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը
Ունկնդրէ լուրը

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 31-ամեակին առիթով:

«Շնորհաւորում եմ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի ընդունման 31-ամեակի առթիւ: 1990 թուականի օգոստոսի 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհրդի ընդունած Անկախութեան հռչակագիրն ազդարարեց անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը: Անկախութեան հռչակագրի տարեդարձը աշխատելու եւ արարելու, պատասխանատու եւ կարգապահ լինելու, համախմբուած ու համերաշխ, իսկապէս ուժեղ երկիր կառուցելու պարտաւորեցնող ազդակ է: Հաւատարիմ մնանք եւ պաշտպան լինենք մեր անկախութեանը, մեր պետականութեանը, մեր ինքնութեանը»:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 08:00