Արարատը Արարատը 

Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու՝ առանց նախապայմաններու

Հայաստան, ինչպէս նախապէս, այսօր եւս պատրաստակամ է ջանքեր գործադրելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրին արտաքին քաղաքականութեան վերաբերուող հատուածին մէջ անդրադարձ կայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին:

Ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ Հայաստան, ինչպէս նախապէս, այսօր եւս պատրաստակամ է ջանքեր գործադրելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ:

«Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների բացակայութիւնը, փակ սահմանները, ինչպէս նաեւ 44օրեայ պատերազմում Թուրքիայի բացայայտ ներգրաւուածութիւնը բացասական ազդեցութիւն են ունենում տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման վրայ: Հայաստանը մշտապէս պատրաստ է եղել Թուրքիայի հետ առանց նախապայմանների յարաբերութիւնների կարգաւորմանը, որը բխում է տարածաշրջանի կայունութեան, անվտանգութեան եւ  տնտեսական զարգացման շահերից: Այսօր էլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստակամ է ջանքեր գործադրելու Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման ուղղութեամբ: Առաջ գնալով առանց նախապայմանների` կողմերը պէտք է գործակցեն` ձեւաւորելու փոխվստահութեան մթնոլորտ` աստիճանաբար բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով», կ՛ըսուի ծրագիրին մէջ:

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2021, 08:40