Նիկոլ Փաշինեանը կրկին նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ։ Նիկոլ Փաշինեանը կրկին նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ։ 

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ստորագրած հրամանագրով Նիկոլ Փաշինեանը կրկին նշանակուեցաւ ՀՀ վարչապետ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նորընտիր Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտը սկսելէն ետք անյապաղ վարչապետ կը նշանակէ Սահմանադրութեան 89-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով ձեւաւորուած խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցած թեկնածուին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Նիկոլ Փաշինեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը` Նիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ», ըսուած է հրամանագիրին մէջ:

Վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ազգային ժողովի իշխող մեծամասնութիւն ունեցող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կը տեղեկացնէ Քրեմլինի լրատուական ծառայութիւնը:

Շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

 

Ալեն Սիմոնեանը Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

Ութերորդ գումարման Ազգային ժողովը երկրորդ անգամ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Ալեն Սիմոնեանը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի` քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը: Քուէարկութեան մասնակցած էր 71 պատգամաւոր: Ալեն Սիմոնեանը ստացած է 71 ձայն:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած քուէարկութեան:

«Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Մխիթար Զաքարեան եւ «Պատիւ ունեմ»-ի թեկնածու Արթուր Սարգսեան քուէներ չեն ստացած:

Նիստը նախագահող Կնեազ Հասանովը յայտարարեց, որ այսպիսով Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է Ալեն Սիմոնեանը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2021, 09:00