Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքին կոչը Լիբանանեան բանակին

«Կոչ կ՛ուղղենք բանակին հակակշիռի տակ առնելու, Լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ արգիլելու Լիբանանեան հողերէն գործուող հրթիռարձակումը»
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Տիմանի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հարց տուաւ. «Դուք ձեզմէ չէ՞ք ամչնար ցարդ կառավարութիւն մը չկազմելու համար»:

Ան նշեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ քաղաքացիներուն խմած լեղի բաժակը չ՛անհանգստացներ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ պատասխանատուներուն խիղճերը:

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս անոնք լիբանանցիները պիտի համոզեն, թէ կրնան զանոնք առաջնորդել, երբ ամէն օր երկիրը յաւելեալ տագնապներու մէջ կը խրեն:

«Ինչպէ՞ս աշխարհին պիտի փաստէք, թէ վստահելի էք եւ բարեկարգումները պիտի գործադրէք, երբ միջազգային խորհրդաժողովներուն որոշումները չէք իրականացներ եւ լիբանանցիներուն փրկութեան չէք հասնիր: Ինչպէ՞ս աշխարհին յոյս պիտի ներշնչէք` ձեր պատասխանատուութեան մասին: Ինչո՞ւ տակաւին կառավարութիւն չէք կազմած: Նախարարութիւնները բաժնուելո՞ւ պատճառով», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը` ընդգծելով, որ այս իրականութիւնը ամօթալի է նման աղէտալի պայմաններուն ընթացքին:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ինք հարաւային Լիբանանի բնակչութեան նեցուկ կը կանգնի` ապահովական խախտումները դատապարտելով:

«Այդ շրջանի բնակիչները պատերազմէն, սպանութենէն, քանդումէն եւ գաղթէն արդէն իսկ յոգնած են եւ իրաւունք ունին: Մենք կը դատապարտենք հարաւային Լիբանանի դէմ կատարուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտումն ու սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ստեղծուած ապահովական լարուածութիւնը», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Նկատի ունենալով օրէնքին դիմաց բոլորին հաւասար ըլլալու իրականութիւնը` ան շեշտեց, որ կարելի չէ ընդունիլ այս կամ այն խմբաւորումին կողմէ երկրին խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումին մենաշնորհը ունենալը: «Ճիշդ է, որ Լիբանան Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ ստորագրած, ինչպէս նաեւ ճիշդ է, որ ան պատերազմի որոշում չէ տուած, այլ` յանձնառու կը մնայ 1949-ին հաստատուած զինադուլին: Իսկ ներկայիս կ՛աշխատի սահմանագծում կատարելու բանակցութիւններուն վրայ», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ միասին պատասխանատու է հարաւային Լիբանանի սահմանային խաղաղութեան` իր հակակշիռին տակ առնելու լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ բծախնդրօրէն գործադրելու թիւ 1701 բանաձեւը, արգիլելով լիբանանեան հողերէն գործուող հրթիռարձակումը` նախանձախնդիր մնալով Լիբանանի ապահովութեան: «Կը փափաքինք զինուորական եւ պատերազմի ըմբռնումէն դուրս գալ եւ կառչած մնալ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու լիբանանցիներու շահերուն ըմբռնումին», եզրափակեց Ռայի պատրիարք:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2021, 08:21