ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես 

Կութիերես կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական ղեկավարներուն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը կազմելու

Լիբանանցիները ամէնօրեայ դրութեամբ աներեւակայելի սղաճի դէմ յանդիման կը գտնուին, ելեկտրականութեան, վառելանիւթի եւ դեղորայքի տագնապներ կը դիմագրաւեն, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի հարց ունին
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական ղեկավարներուն կազմելու աշխուժ եւ գործունեայ կառավարութիւն մը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

Կութիերեսի անձնական բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունի անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու, լիբանանցի ժողովուրդին համար արդարութիւն երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի ընթացք մը ղեկավարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերսկսիլ հիմնական ծառայութիւններուն եւ վերականգնել կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել բարգաւաճումն ու աւելի լաւ ապագայի մը յոյս ներշնչել:

Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական կացութեան արագ վատթարացման համար` աւելցնելով, որ լիբանանցիները ամէնօրեայ դրութեամբ աներեւակայելի սղաճի դէմ յանդիման կը գտնուին, ելեկտրականութեան, վառելանիւթի եւ դեղորայքի տագնապներ կը դիմագրաւեն, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի հարց ունին:

Աղբիւրը՝ «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2021, 09:12