Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց գերապայծառ Տ Լեւոն Արք Զէքիեանի այցելութիւնը Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց գերապայծառ Տ Լեւոն Արք Զէքիեանի այցելութիւնը 

Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց գերապայծառ Տ Լեւոն Արք Զէքիեանի այցելութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2021-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Կ. Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 08:04