Սպիտակ Տուն Սպիտակ Տուն 

Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ազրպէյճանի կողմէ Հայ գերիներու վերադարձը եւ ականազերծումը դիւրացնելու ուղղութեամբ Հայաստանի քայլերը

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն կոչ ուղղել վերադարձնելու բոլոր գերիները եւ փոխանակելու տագնապի շրջաններուն մէջ արդիւնաւէտ ականազերծում իրականացնելու համար անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Ազրպէյճանի կողմէ 3 յուլիսին 15 հայ գերիներու ազատ արձակումն ու անոնց վերադարձը Հայաստան: Մենք նաեւ կ՛ողջունենք մարդասիրական ականազերծումը դիւրացնելու նպատակով Ազրպէյճանին տեղեկութիւններ յանձնելու Հայաստանի որոշումը:

Ունկնդրէ լուրը

«Այս քայլերը յաջորդեցին 12 յունիսին Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման եւ մարդասիրական ականազերծումը դիւրացնելու նպատակով տեղեկութիւններ տրամադրելու Հայաստանի որոշումին: Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ իրականացուած այս քայլով, որուն իր նպաստը բերած էր Վրաստանը, հիմք դրուեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հետագայ համագործակցութեան: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը գնահատեն շրջանային կայունութեան աջակցելու ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերը:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն կոչ ուղղել վերադարձնելու բոլոր գերիները եւ փոխանակելու տագնապի շրջաններուն մէջ արդիւնաւէտ ականազերծում իրականացնելու համար անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու համագործակցութեան ու շրջանին մէջ տակաւին չլուծուած հարցերու լուծման: Մենք նաեւ կը շարունակենք Հայաստանն ու Ազրպէյճանը յորդորել վերականգնելու առարկայական բանակցութիւնները ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ` բանակցելով տագնապի համապարփակ ու կայուն քաղաքական կարգաւորումը»:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2021, 09:30