Յոյսի նշոյլ մը` Վատիկանէն Յոյսի նշոյլ մը` Վատիկանէն 

Ընկերային ու քաղաքական անկայունութեան լոյսին տակ յոյսի նշոյլ մը` Վատիկանէն

Տիրող մթագնած մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք այս անգամ իրենց յոյսը կը կապեն Վատիկանէն ցոլացող «լոյսի» նշոյլին, որ կրնայ սպիտակ ծուխով աւետել կացութեան բարեփոխումը:

Լիբանան կը շարունակէ տարուբերիլ ընկերային, տնտեսական, ապրուստի ու քաղաքական անկայուն իրավիճակի մէջ, որուն գլխաւոր «գինը» կը հատուցէ ու կը վճարէ քաղաքացին` ի հեճուկս իր առողջութեան, օրապահիկին եւ ապագայի ծրագրաւորումին:

Արդարեւ, այս կացութեան գլխաւոր թարգմանը կը նկատուի «փողոցը» ուր օր ըստ օրէ կացութիւնը առաւել եւս կը վատթարանայ: Փաստօրէն, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի վերջին նիստին ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեանց աղբիւրներ զգուշացուցած էին կացութեան դէպի գահավիժում ընթանալու վտանգէն, յատկապէս` ընկերային-տնտեսական ծանր վիճակի մէջ գտնուող շրջաններու մէջ, սակայն պատասխանատու պատկան մարմիններ չյաջողեցան կանխարգիլել փողոցի բռնկումի վտանգը, որ կրնայ որեւէ պահու վերանորոգուիլ ու տարածուիլ` ամբողջ Լիբանանը մղելով ապահովական համատարած գահավիժումի:

Խորքին մէջ նախագահ Միշել Աունի վճռական կեցուածքը` քաղաքացիներու տնտեսական կարիքներուն ընդառաջելու գծով ու առ այդ երէկ իր նախագահած ժողովը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վճռական կեցուածքը` իր նախաձեռնութեան շարունակման գծով` խոստմնալից յուսատու քայլեր կը նկատուին, որոնք կրնան մեղմացնել ու վանել ապահովական բռնկումի հաւանականութիւնը: Նմանապէս, ուշագրաւ էր տիւրզի ղեկավարներուն վերջին հաւաքը, ուր շեշտուեցաւ միջտիւրզիական համերաշխութեան ամրապնդման եւ միջլիբանանեան համախոհութեան կարեւորութիւնը: Նոյն ծիրին մէջ, խրախուսիչ էր Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի պատկան պատասխանատուներուն միջեւ համագործակցութիւնը, յատկապէս իրենց շրջաններու ապահովական կայունութեան պահպանման եւ արտաքին երկպառակիչ թափանցումներու ձախողեցման գծով: Աւելի՛ն, ըստ այդ քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներուն, ապահովական խիստ միջոցառումներ կը կիրարկուին լուսարձակէ հեռու եւ զինեալ թէ այլ տեսակի հաւաքները զգալիօրէն նուազած են այդ շրջաններու հրապարակներէն, եւ  այս` կանխարգիլելու եւ ապահովելու համար շրջանի քաղաքացիներու ապահովութիւնն ու քաղաքական համախոհութիւնը:

Յոյսի Նշոյլ` Վատիկանէն

Այսուհանդերձ, արտաքին կողմեր կը շարունակեն իրենց խստապահանջ կեցուածքը Լիբանանի վարիչներուն նկատմամբ, մերթ պատժամիջոցներու կիրարկման սպառնալիքով, մերթ Լիբանանի գոյութեան «շիջումին» մասին յուսալքիչ ակնարկներով, որոնց նորագոյնը կատարած էր վերջերս ամերիկացի դիւանագէտ Տէյվիտ Հէյլ` յայտնելով, թէ «Լիբանան կը գտնուի անդունդի եւ շիջումի եզրին»:

Այս բոլորին առընթեր, Հռոմի պապին նախաձեռնութիւնը եկաւ յոյսի նշոյլ մը խոստանալու լիբանանցիներուն: Արդարեւ, լիբանանցի քրիստոնեայ տասը գլխաւոր հոգեւոր պետերը Վատիկան հրաւիրելով, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը երէկ` հինգշաբթի, 1 յուլիսին Ս. Պետրոս տաճարի շրջափակէն ուղղած իր պատգամով վերահաստատեց Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կամրջումի առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան խիստ կարեւոր դեր ունի Միջին Արեւելքի մէջ եւ պէտք չէ զայն ձգել արտաքին կամայական երկպառակիչ միջամտութիւններու ճակատագիրին: Այս գծով Վատիկանի թէ Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներ նշեցին, որ պապին այս քայլը պիտի շարունակուի ի նպաստ Լիբանանի միջազգային նախաձեռնութեամբ մը: Այս մասին նախկին նախարար Սըժաան Քազզէ յայտնեց, թէ քաղաքական իշխանութիւններու թերացումին հետեւանքով պապը կը փորձէ լուծում գտնել:

Տեղին է նշել, որ այս առթիւ գլխաւոր համայնքապետեր եւս իրենց պատգամը ուղղեցին Վատիկանի հարթակէն, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը, ինչպէս նաեւ` յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազըժի պատրիարքը: Հոգեւոր պետերը շեշտեցին միջլիբանանեան համերաշխութեան ամրապնդումի կարեւորութիւնն ու քաղաքական տարակարծութիւններու հարթումը` ի սպաս Լիբանանի տարրական պահանջներու կենսագործումին:

Տիրող մթագնած մթնոլորտին մէջ լիբանանցիք այս անգամ իրենց յոյսը կը կապեն Վատիկանէն ցոլացող «լոյսի» նշոյլին, որ կրնայ սպիտակ ծուխով աւետել կացութեան բարեփոխումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2021, 08:18