Թունուզի մէջ բողոքներ եւ անկարգութիւններ Թունուզի մէջ բողոքներ եւ անկարգութիւններ 

Թունուզի մէջ բողոքներ եւ անկարգութիւններ

Նախագահը պաշտօնազրկած է վարչապետը եւ 30 օրով սառեցուցած է խորհրդարանի աշխատանքը
Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ կիրակի օր Թունուզի մայրաքաղաքին մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ փողոց դուրս եկան տօնելով Թունուզի նախագահի` տարբեր քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերէն ետք վարչապետը պաշտօնազրկելու եւ խորհրդարանի աշխատանքը 30 օրով սառեցնելու որոշումը:

Մինչ այդ, ցուցարարներ Թունուզի մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ հրկիզեցին Իսլամ եղբայրներու գաղափարակից Նահտա կուսակցութեան մէկ կեդրոնը:

Միւս կողմէ, Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտ զինեալ ուժերու եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներու արտակարգ ժողով մը գումարեց, եւ որոշեց վարչապետ Հիշամ Մաշիշին հեռացնել իր պաշտօնէն:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ նախագահ Սայիտ վստահեցուցած է, որ իր որոշումը վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ խորհրդակցաբար որդեգրած է` նշելով, որ «Նահտա» շարժումը իր համակիրներուն կոչ ուղղած է փողոց դուրս գալու:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յատյնեց, որ իր երկիրը «կը հետեւի Թունուզի կացութեան եւ կը յուսայ, որ որեւէ բան այնտեղի քաղաքացիներուն անվտանգութեան պիտի չսպառնայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Թունուզի մէջ խորհրդարանի աշխատանքի սառեցման նկատմամբ եւ յոյս յայտնեց, որ ժողովրդավարական օրինականութիւնը շուտով կը վերականգնի:

«Թունուզը շրջանին մէջ ժողովրդային ձգտումներու ծիրին մէջ ժողովրդավարական երթի առումով բնորդային յաջողութեան պատմութեան տէր է, եւ Թունուզի այս իւրայատուկ դիրքին եւ անոր ժողովրդավարական ձեռքբերումներուն պաշտպանութիւնը երկրին ու նաեւ շրջանին համար մեծ կարեւորութիւն ունին», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Թուրքիան կը կանգնի Թունուզի կողքին, որուն հետ եւ որուն եղբայրական ժողովուրդին հետ պատմական ուժեղ կապեր ունի:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտնեց. «Այն ինչ որ ներկայիս Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենայ, յեղաշրջում է, որուն թիրախը քաղաքական օրինականութիւնն է»: Ան նշեց. «Երկրի նախագահին կողմէ այս քայլը սահմանադրական ենթահող չունի»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 09:00