Անտառային հրդեհներ Անտառային հրդեհներ 

Միացեալ Նահանգներու մէջ անտառային հրդեհներ

Ներկայիս արձանագրուած է անտառային 80 մեծ հրդեհ:

Միացեալ Նահանգներու արեւմուտքին մէջ աւելի քան 470 հազար հեկտար մակերեսով հողատարածք յայտնուած է անտառային հրդեհներու «ճիրաններուն» մէջ: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային միջգերատեսչական հրշէջներու կեդրոնը:

Ըստ կեդրոնին, ներկայիս արձանագրուած է անտառային 80 մեծ հրդեհ:

Առաւել ծանր է կացութիւնը Մոնթանա նահանգին մէջ, ուր արձանագրուած է 18 մեծ հրդեհ: Այտահոյի մէջ` 17 մեծ հրդեհ կայ, Քալիֆորնիոյ եւ Օրիկընի մէջ` 9-ական:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2021, 09:17