Հայ Օգնութեան միութիւն Հայ Օգնութեան միութիւն 

Հայ Օգնութեան միութիւնը` Լիբանանի կողքին

Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք երկրի հետզհետէ վատթարացող ճգնաժամին պատճառով, կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը:
Ունկնդրէ լուրը

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) կը շարունակէ իր աջակցութիւնը ցուցաբերել լիբանանահայ գաղութի զաւակներուն, որոնք օր ըստ օրէ կը մխրճուին տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր պայմաններու մէջ: Լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը, երկրին մէջ տիրող սղաճը, դեղորայքի եւ ապրուստի հիմնական պէտքերու չգոյութիւնը անելի մատնած են լիբանանցի քաղաքացին:

Ի տես երկրի անկայուն իրավիճակին, ՀՕՄ-ը կրկին անգամ կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, որպէսզի իր աջակցութեամբ տէր կանգնի Լիբանանի հայահոծ գաղութի զաւակներուն, որոնք երկրի հետզհետէ վատթարացող ճգնաժամին պատճառով, կորսնցուցած են իրենց օրապահիկը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ աշխատանքները համադրելով, 2019-ին երկրին մէջ սկիզբ առած ճգնաժամէն ի վեր ճիգ չէ խնայած հոգալու համար լիբանանահայ գաղութին անմիջական պէտքերը` անոնց շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ տրամադրելով, բժշկական անվճար ծառայութիւններ մատուցելով, ուտեստեղէն, կենցաղային հիմնական իրեր եւ տնային այլ անհրաժեշտ պիտոյքներ տրամադրելով: Շնորհիւ ՀՕՄ-ի համակիրներու առատաձեռն նուիրատուութիւններուն, ցարդ ընդհանուր 600.400 ամերիկեան տոլար գոյացած է: Գումարը ամբողջապէս կը յատկացուի լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն գործադրման:

Այսօր, աւելի քան երբեք, լիբանանցին մեր նիւթական աջակցութեան կարիքը ունի: Հետեւաբար, առաջին փուլով, ՀՕՄ-ը կը նախաձեռնէ 100 ամերիկեան տոլար յատկացնել ահաւոր պայմաններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: Առ այդ, կը դիմենք ՀՕՄ-ի միաւորներուն, բարերարներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի նոյնիսկ փոքր գումարներով մասնակից դառնան այս նախաձեռնութեան: «Լիբանանի կողքին» դրամահաւաքին ձեր ներդրումը բերելով կրնաք ընտանիքի մը անմիջական ապրուստը ապահովել:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 08:56