Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռուհանի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռուհանի 

Իրանի մէջ «Քորոնա»ի հինգերորդ ալիք

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 3.3 միլիոն մարդ, մահացած է 85.6 հազարը:

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակով պայմանաւորուած իրադրութիւնը կը վատանայ, երկրին մէջ հիւանդութեան հինգերորդ ալիքի բռնկման հաւանականութիւն կայ: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռուհանին:

Ան տեղեկացուցած է, որ երկրի հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան հատուածներուն մէջ սկսած է տարածուիլ «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակը:

Ռուհանին նշած է, որ թէպէտ իրենք կրնան օրական պատուաստել մինչեւ 500 հազար քաղաքացի, սակայն անհրաժեշտ է պահպանել բոլոր կանխարգելիչ միջոցառումները՝ կանխելու ժահրի հետագայ տարածումը:

«Հնարաւոր է, որ հինգերորդ ալիքը արդէն սկսած է»,- ըսած է նախագահը:

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 3.3 միլիոն մարդ, մահացած է 85.6 հազարը:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2021, 08:00