Քորոնա ժահրի դէմ պատուաստումներ Քորոնա ժահրի դէմ պատուաստումներ 

Ինչ են «Տելթա» տարբերակի ախտանիշները

Վարակաբանը նշած է, որ ապացուցուած է՝ «տելթա» շտամը, իրօք, մեծ քանակութեամբ է եւ աւելի արագ կը բազմանայ վարակուածներու օրկանիզմին մէջ:

«Քորոնա» ժահրի «տելթա» տարբերկը հազուադէպ կ'առաջացնէ հոտի եւ համի խանգարում: Բայց ստամոքս-աղիքային ախտանշանները աւելի տարածուած կը դառնան: Այս մասին յայտարարած է ռուս վարակաբան Սերկէյ Նեթեսովը «Իզվեսթիա» -ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, որ հրապարակուած է երկուշաբթի՝ 19 Յուլիսին:

«Որոշներու մօտ ախտանշաններու համամասնութեան աճ կայ, միւսներու մօտ՝ նուազում: Քիչ են մարդիկ, որոնք ունին հոտառութեան եւ համի խանգարում, իսկ աղիստամոքսային ախտանշաններն աւելի տարածուած են», –ըսած է ան՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք հիւանդութեան նոր ախտանշաններ կը նկատուին «տելթա» շտամով վարակուածներու մօտ:

Ըստ Նեթեսովի՝ այդ պայմանաւորուած է անով, որ ժահրը «քիչ մը փոխած է S- սպիտակուցի ընկալիչներուն կապող տիրոյթի կառուցուածքը, եւ ատոր հետեւանքով՝ այն բջիջներու հետ կապուած առանձնայատկութիւնը, որոնց հետ ան կը համագործակցի»:

«Ըստ ամենայնի՝ ան սկսած է աւելի լաւ կապուիլ անոնց հետ: Նման բջիջները առկայ են թոքերուն, արեան անօթներու պատերուն եւ աղիքներուն մէջ: Շատ հաւանական է, որ ճիշդ այդ ալ առաջացուցած է ախտանշաններու փոփոխութիւն», – աւելացուցած է ան:

Վարակաբանը նշած է, որ ապացուցուած է՝ «տելթա» շտամը, իրօք, մեծ քանակութեամբ է եւ աւելի արագ կը բազմանայ վարակուածներու օրկանիզմին մէջ:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2021, 09:05