Մանկահասակներու շահագործում Մանկահասակներու շահագործում  

Մանկահասակներու շահագործում պատերազմներու ընթացքին Թուրքիան դարձաւ այդ ցուցակի ՆԱԹՕ-ի առաջին երկիրը

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան «Trafficking in Persons» (TIP) իր 2021 թուականի զեկոյցին մէջ հաստատած է, որ Թուրքիան «շօշափելի աջակցութիւն» կը ցուցաբերէ Սուրիա գտնուող «Սուլթան Մուրատ» խմբաւորումին, որ, Ուաշինկթընի խօսքով, կը հաւաքագրէ եւ կ'օգտագործէ մանկահասակ զինուորները։

Միացեալ Նահանգները ընդգրկած է Թուրքիան այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնք անցեալ տարուայ ընթացքին զինուած հակամարտութիւններուն մասնակից դարձուցած են մանկահասակներ: Այդ ցուցակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներառուած է ՆԱԹՕ-ի  դաշնակից պետութիւն, յայտնած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը եւ աւելցուցած, որ այս քայլը, հաւանաբար, աւելի կը բարդացնէ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ արդէն իսկ սրուած յարաբերութիւնները։

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան «Trafficking in Persons» (TIP) իր 2021 թուականի զեկոյցին մէջ հաստատած է, որ Թուրքիան «շօշափելի աջակցութիւն» կը ցուցաբերէ Սուրիա գտնուող «Սուլթան Մուրատ» խմբաւորումին, որ, Ուաշինկթընի խօսքով, կը հաւաքագրէ եւ կ'օգտագործէ մանկահասակ զինուորները։

Թուրքիան Ուաշինկթընի քայլին անմիջապէս չէ արձագանգած։ Պետական Քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է, որ Լիպիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններուն մանկահասակ զինուորիներու մասնակցութեան խնդրի լուծման հարցով Ուաշինկթընը յոյս ունի աշխատիլ Անգարայի հետ եւ աւելցուցած, որ նման ցուցակի մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւն առաջին անգամն է, որ կ'ընդգրկուի։

Պետական Քարտուղարութեան զեկոյցին համաձայն՝ այս ցուցակին մէջ ընդգրկուած կառավարութիւնները ենթակայ են անվտանգութեան որոշակի օժանդակութեան եւ ռազմական զրահատեսակներու առեւտրային արտօնութեան վերաբերեալ սահմանափակումներու՝ նախագահի կողմէն հայցէն հրաժարելու բացակայութեան պարագային։ Դեռ պարզ չէ, թէ Թուրքիոյ նկատմամբ ինչ սահմանափակումներ կը կիրառուին։

Պետական Քարտուղարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Նետ Փրայս տեղեկացուցած է, որ վերոնշեալ ցուցակին մէջ Թուրքիոյ ընդգրկուիլն ու Աֆղանիստանի մէջ Քապուլի Համիտ Քարզա օդակայանի վերահսկողութիւնը ստանձնելու շուրջ Թուրքիոյ հետ կառուցողական քննարկումները իրար չեն կապուիր։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2021, 08:20