Իրաք Իրաք 

Իրաք, հրատապ. «Ալ Սատըր» քաղաքին մէջ պայթում. կան զոհեր

զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ։

 Իրաքեան «Ալ Սատըր« քաղաքին մէջ պայթում մը գրանցուած է։ 

Կը հաղորդուի, որ պայթումին հետեւանքով զոհուած են  20 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած է 45-ի։

Կը նշուի, նաեւ, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ։

Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն բաւական լարուած իրադրութիւն ստեղծուած է Իրաքի մէջ եւ այդ մէկը կապ ունի Իրան-Միացեալ Նահանգներ հակամարտութեան ու այդ առումով Իրաքի մէջ փոխ-ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելուն հետ։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2021, 12:51