ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահ` Անն Լինտէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահ` Անն Լինտէ 

«Հայ-Ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին կրկնուող միջադէպերու մասին լուրերը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն». ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահ

Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք հիմնուելու մարդասիրական վերջին քայլերուն վրայ եւ ամբողջութեամբ իրականացնելու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը` չլուծուած խնդիրները խաղաղօրէն լուծելու համար

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան:

«Հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին կրկնուող միջադէպերու մասին լուրերը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք հիմնուելու մարդասիրական վերջին քայլերուն վրայ եւ ամբողջութեամբ իրականացնելու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը` չլուծուած խնդիրները խաղաղօրէն լուծելու համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Լինտէ:

 

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ 

Մոսկուան լրջօրէն մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի առանձին հատուածներուն վրայ տիրող կացութեամբ: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ, որ հրապարակուած է գերատեսչութեան կայքին վրայ:

«Մենք լրջօրէն մտահոգուած ենք ազրպէյճանական-հայկական սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ վերջին զինեալ միջադէպերով, որոնք մարդկային զոհերու պատճառ դարձած են: Կը ցաւակցինք զոհուածներու ընտանիքներուն, ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն եւ վնասուածներուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը ընդգծած է. «Սահմանին վրայ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած»: Նախարարութիւնը կողմերուն կոչ ուղղած է ձեռնպահ մնալու կացութեան հետագայ յետընթացով յղի որեւէ գործողութենէ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու յառաջացող բոլոր խնդիրները:

«Ռուսիան պատրաստ է բոլոր անհրաժեշտ օժանդակութիւնները տրամադրել շարունակելու` հայ¬ազրպէյճանական սահմանային կացութիւնը կարգաւորելու եւ լարուածութեան մեղմացման քայլերու եւ սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքներու շուտափոյթ մեկնարկին համար», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ կը պարզաբանուի, որ Ռուսիան մտադիր է աշխուժօրէն աշխատելու Անդրկովկասը կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման գօտի դարձնելու ուղղութեամբ` համաձայն Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 12:14