Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

«Լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ Իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ պիտի կապուիմ` հետեւելու Վատիկանի հանդիպումին արդիւնքներուն գործադրութեան» շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը իմացաւ Լիբանանի մէջ տիրող հարցերուն մանրամասնութիւններուն մասին` առանց միջամտութիւն կատարելու:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ առանձին-առանձին պիտի կապուի` հետեւելու համար Վատիկանի հանդիպումին արդիւնքներուն գործադրութեան:

Ան նշեց, որ իրենք Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրած են, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարութիւններն ու իսլամ հոգեւոր պետերը հրաւիրէ Վատիկան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը իմացաւ Լիբանանի մէջ տիրող հարցերուն մանրամասնութիւններուն մասին` առանց միջամտութիւն կատարելու: «Ապա պապը շեշտեց, որ Վատիկան հաւկուրօրէն չի գործեր, այլ` կը մտածէ եւ դիւանագիտական կերպով կը գործէ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան նկատել տուաւ, որ պապին կողմէ հրաւէրը միջազգային կարծիք ձեւաւորեց եւ միջազգային ընտանիքին հայեացքը ուղղեց դէպի Լիբանան:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ իրենք անդրադարձած են նաեւ Լիբանանի չէզոք կեցուածքին եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու գաղափարին:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խոր երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին, որ Լիբանանի համար աղօթքի եւ խոկումի օր տրամադրեց Վատիկանի մէջ:

«Լիբանանցիները, իրենց բոլոր համայնքներով, կը յարգեն Վատիկանը եւ պիտի ընդառաջեն Ֆրանչիսկոս պապին այն կոչին, որ անոնք պէտք է փրկեն Լիբանանը, որ պապին բառերով կը բնութագրուի իբրեւ «Գանձ մը, որ պէտք է պահպանուի»:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանցիները կը սպասեն պապին այցելութեան, որպէսզի ան յայտարարէ Լիբանանի յարութիւնը` իր դիմագրաւած տագնապներէն ու դժուարութիւններէն:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ Վատիկանի մէջ կատարուածը անկեղծ կանչ մըն է աշխարհի բնակիչներէն ուղղուած Աստուծոյ` Լիբանանի ու լիբանանցիներուն փրկութեան համար:

«Պէտք է այդ կանչին եւ անկեղծ աղօթքին միանանք` Լիբանանը փրկելու անկեղծ գործով եւ վերջ տալով անձնական շահերուն ու ատելութեան», շեշտեց ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2021, 09:26