Լիպիոյ հարցով Ժընեւեան բանակցութիւններ Լիպիոյ հարցով Ժընեւեան բանակցութիւններ 

ՄԱԿ-ը Լիպիոյ հարցով Ժընեւեան բանակցութիւններուն ձախողութիւնը յայտարարեց

Լիպիական կողմերը ընտրութիւններու գործողութիւնը ճշդող սահմանադրական կանոններու հասնելու նպատակով չորս օրով նախատեսուած քննարկումներուն ընթացքին չկրցան համաձայնութիւն գոյացնել սեղանի վրայ դրուած առաջարկներուն շուրջ:

Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը յայտարարեց, որ դեկտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման ճամբան հարթելու համար իր հովանաւորութեամբ ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները ձախողած են առնչակից կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծել:

Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան ղեկավար Զիզիտոն Զինիկա այդ բանակցութիւններու աւարտական նիստին ընթացքին յայտնեց. «Լիպիացի ժողովուրդը հաստատօրէն յուսախաբ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կը սպասէին 24 դեկտեմբերին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց քուէները տալով իրենց ժողովրդավարական իրաւունքները կիրարկելու առիթը ունենալ: Կը կարծեմ, որ ասիկա լաւ բան չի խոստանար Լիպիական քաղաքական երկխօսութեան համախմբումի հաւաստիութեան ու ապագայ կարեւորութեան համար»:

«Կ՛առաջարկեմ, որ շարունակէք ձեր միջեւ խորհրդակցութիւնները` ջանալով գործնական փոխզիջումի եւ ձեր շարքերուն մէջ միասնականութեան հասնելու», աւելցուց ան:

Ժընեւի բանակցութիւնները անոնց իբրեւ աւարտի ժամկէտ ճշդուած 1 յուլիսին արդիւնքի չէին հասած, ուստի անոնք մէկ օրով երկարաձգուած էին, սակայն այդ երկարաձգումը  կացութենէն ոչինչ փոխած էր:

Բանակցութիւններուն մասնակից ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամները յայտնեցին, որ լիպիական կողմերը ընտրութիւններու գործողութիւնը ճշդող սահմանադրական կանոններու հասնելու նպատակով չորս օրով նախատեսուած քննարկումներուն ընթացքին չկրցան համաձայնութիւն գոյացնել սեղանի վրայ դրուած առաջարկներուն շուրջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2021, 10:54