3 տեսակի քաղցկեղ կրնայ անհետանալ 3 տեսակի քաղցկեղ կրնայ անհետանալ 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն 3 տեսակի քաղցկեղ կրնայ անհետանալ

Գիտնականները կը նշեն, որ լեարդի քաղցկեղի յարուցիչ «Հեփաթիթ Պէ»-ն կարելի է յաղթահարել պատուաստման միջոցով:
Ունկնդրէ լուրը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մասնագէտները նախատեսած են, որ յառաջիկայ տասնամեակներու ընթացքին քաղցկեղի երեք տեսակ կրնայ անհետանալ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` ներկայացնելով մասնագէտներու ուսումնասիրութեան արդիւնքները:

Անոնց համաձայն, ծխախոտէն հրաժարելով կարելի է յաղթահարել թոքերու քաղցկեղը: Այս ոլորտին մէջ կատարուած բազմաթիւ հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ ծխախոտի ծուխն է, որ քաղցկեղի յառաջացման կը յանգեցնէ:

Յառաջիկայ տարիներուն կրնայ անհետանալ նաեւ լեարդի քաղցկեղը` ոգելից ըմպելիէն հրաժարելու պարագային: Այս շարքին կը դասուի նաեւ հաստ աղիքի քաղցկեղը: Գիտնականները կը նշեն, որ լեարդի քաղցկեղի յարուցիչ «Հեփաթիթ Պէ»-ն կարելի է յաղթահարել պատուաստման միջոցով:

Փորձագէտներու համաձայն, կարելի է նաեւ յաղթահարել արգանդի վզիկի քաղցկեղը, եթէ յաղթահարուի ատոր յարուցիչը` մարդու «Փափիլոմա» ժահրը: Ատոր նոյնպէս կարելի է հասնիլ պատուաստման միջոցով:

Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ 13-14 տարեկանին համապատասխան պատուաստում ստացած դեռահաս աղջիկները 10 տարի ետք աւելի հազուադէպ հակում կ՛ունենան նման հիւանդութեան նկատմամբ, քան անոնց չպատուաստուած հասակակիցները:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 09:05