Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը 

Հայաստանի ԱԳՆ կ՛ողջունէ խաղաղ բանակցային գործընթացը վերսկսելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մօտեցումները

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, համանախագահներուն յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բանալին ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ եւ մնայուն լուծումն է:
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մօտեցումները` վերսկսելու խաղաղ բանակցային հոլովոյթը, որուն անդրադարձան իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, համանախագահներուն յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բանալին ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ եւ մնայուն լուծումն է:

«12 մայիսէն սկսեալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու ներթափանցումը եւ վերջին օրերուն Հայաստանի պաշտպանական դիրքերուն վրայ յարձակումները յանգեցուցած են իրավիճակի սրման: Հայաստանը միշտ հանդէս եկած է իրավիճակի հանդարտեցման դիրքերէն եւ այս առնչութեամբ կատարած է ճշգրիտ առաջարկներ, յատկապէս` ետ քաշած զինուորական ստորաբաժանումները 11 մայիսի դրութեամբ առկայ ելման դիրքեր:

Վստահ ենք, որ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն հասցէական գնահատականը կը նպաստէ ստեղծուած պայթիւնավտանգ իրավիճակի յաղթահարման», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 09:09