128 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը կը մօտենայ մեր մոլորակին 128 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը կը մօտենայ մեր մոլորակին 

128 մեթր տրամագիծով երկնաքար մը կը մօտենայ մեր մոլորակին

Այս երկնաքարը արդէն Երկիրին մօտէն անցած է 28 յունուար 2020-ին, սակայն աւելի քան 25 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Այսօր «Ուայ.Էմ.6» երկնաքարը պիտի թռչի Երկիրէն չորս միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը` յղում կատարելով ՆԱՍԱ-ին:

Երկնաքարին տրամագիծը շուրջ 128 մեթր է:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ համակարգչային վերլուծութիւնը մարմինը կ՛որակէ իբրեւ «Երկիրին մօտ գտնուող երկնաքար», այսուհանդերձ անիկա կարողականօրէն վտանգաւոր չէ», յայտնած են փորձագէտները:

«Ուայ.Էմ.6»-ը արեւու շուրջ կը պտտի 401 օրուան մէջ:

Այս երկնաքարը արդէն Երկիրին մօտէն անցած է 28 յունուար 2020-ին, սակայն աւելի քան 25 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Ներկայ «հանդիպումէն» ետք, յաջորդ անգամ նշեալ երկնաքարը մեր մոլորակին պիտի մօտենայ 27 յունուար 2031-ին` մօտաւորապէս նոյն հեռաւորութեան վրայ (6,5 միլիոն քիլոմեթր), ապա` դարձեալ 2100 թուականին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2021, 10:09