Ազատ արձակուած են 15 այլ հայ ռազմագերիներ Ազատ արձակուած են 15 այլ հայ ռազմագերիներ 

Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ` Ազրպէյճան ազատ արձակեց 15 Հայ ռազմագերիներ։

Անոնց դիմաց Հայաստան Պաքուին յանձնեց երկու շրջաններու ականապատ դաշտերու քարտէսները
Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ 3 յուլիսին Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Հայաստանը ազրպէյճանական կողմին յանձնած է Վարանդային եւ Կովսականի շրջաններուն շուրջ 92.000 ականներու քարտէսները:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ իբրեւ մարդասիրական քայլ` ազրպէյճանական կողմը Հայաստանին արտայանձնած է բանտարկութեան դատապարտուած 15 անձեր:

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ռուսթամ Մուրատով հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւի էջքէն ետք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «Շարունակելով եռակողմ համաձայնագիրի կէտերու կատարումը ապահովելու աշխատանքները` այսօր Պաքուի մէջ անձամբ ես ազրպէյճանական կողմին յանձնած եմ երկու շրջաններու ականապատ դաշտերու քարտէսները: Անոնք ականապատուած են հայկական ստորաբաժանումներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախորդ զինեալ տագնապի ընթացքին: Ազրպէյճանը իր կարգին ազատ արձակած է 15 հայ գերիներ, որոնք Երեւան հասցուած են Ռուսիոյ օդուժի օդանաւով»:

Մուրատով աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը հետագային ալ պիտի շարունակէ աշխատանքը եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն կատարումը ապահովելու ուղղութեամբ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2021, 10:43