Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ Լիբանանի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ Լիբանանի Վարչապետ 

Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ Լիբանանի Վարչապետ

Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք, Նեժիպ Միքաթի 72 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 42 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել
Ունկնդրէ լուրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախագահական պալատին մէջ սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց աւարտին վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Նեժիպ Միքաթի նշանակուեցաւ վարչապետ:

Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք, Նեժիպ Միքաթի 72 քուէով դարձաւ վարչապետ, մինչդեռ 42 այլ երեսփոխաններ մերժեցին ոեւէ մէկուն թեկնածութիւնը առաջադրել, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը, իսկ երեսփոխաններ` Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաֆա Հիւսէյնի եւ Թալալ Արսլան ներկայ չգտնուեցան խորհրդակցութիւններուն:

Գրեթէ օր մը տեւած խորհրդակցութիւններէն ետք նախագահ Աուն խորհրդակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, եւ Նեժիպ Միքաթին պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ Պաապտա` ստանձնելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:

Նախագահական պալատ հասած Միքաթի հանդիպում ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի ըսաւ. «Հիմնական աշխատանքը կը կայանայ կառավարութիւն մը կազմելուն մէջ»:

Ապա նոր նշանակուած վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դիտել տուաւ, որ նախագահ Աուն` ներկայութեամբ Պըրրիի, զինք նշանակած է վարչապետ` յայտնելով խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ բոլոր այն երեսփոխաններուն, որոնք առաջադրեցին եւ չառաջադրեցին իր թեկնածութիւնը` մաղթելով, որ բոլորը համագործակցին հասնելու համար պէտք եղած լուծումներուն:

Միքաթի յայտնեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, ինք պէտք է ստանայ երեսփոխաններուն վստահութեան քուէն, «սակայն իրականութեան մէջ իմ նպատակս է ստանալ ժողովուրդին վստահութեան քուէն, որովհետեւ ես կախարդական գաւազաններ չունիմ մօտս եւ հրաշքներ չեմ կրնար գործել:

Երկիրը շատ դժուար փուլի մը մէջ է եւ ամբողջական փլուզման սեմին կը գտնուի», ըսաւ ան:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք ստանձնած է հետզհետէ ընդարձակուող հրդեհը կասեցնելու պարտականութիւնը, որ սակայն կը կարօտի բոլորին համագործակցութեան:

«Ես կը սերտեմ կացութիւնն ու իրավիճակը, եւ եթէ պէտք եղած արտաքին երաշխիքներն ու համոզումը չունենայի, ապա նման պարտականութիւն չէի ստանձներ», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին հետ գործակցաբար պիտի կազմէ պահանջուած կառավարութիւնը, որուն առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գործադրել ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն, յատկապէս լիբանանեան տնտեսութեան զարթօնքին:

Ապա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ հաստատեց, որ առաջադրած է Միքաթիի թեկնածութիւնը, նախկին վարչապետներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հետեւելու հիման վրայ:

«Կը մաղթենք, որ Միքաթի այսօր վարչապետ նշանակուի եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմուի», ըսաւ ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 09:01