Միջազգային Կարմիր Խաչը 5 անգամով աւելցուցած է Արցախի մէջ իր առաքելութեան ֆինանսաւորումը Միջազգային Կարմիր Խաչը 5 անգամով աւելցուցած է Արցախի մէջ իր առաքելութեան ֆինանսաւորումը 

Միջազգային Կարմիր Խաչը 5 անգամով աւելցուցած է Արցախի մէջ իր առաքելութեան ֆինանսաւորումը

Միջազգային կարմիր խաչի նախագահը յայտնած է, որ պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձի հարցին մէջ յառաջընթաց կայ:
Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Փիթըր Մաուրեր յայտնած է, որ այս տարի միջազգային կառոյցը 5 անգամ աւելցուցած է Արցախի մէջ իր առաքելութեան ֆինանսաւորումը` զայն հասցնելով 50 միլիոն եւրոյի: Այս մասին Մաուրեր յայտնած է «Իզվեսթիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ան աւելցուցած է, որ Միջազգային կարմիր խաչը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ պատերազմական գերիներու փոխանակման հոլովոյթին, սակայն պահուող անձերու կարգավիճակին շուրջ վէճը Հայաստանն ու Ազրպէյճանը առանձին պէտք է հարթեն:

Միջազգային կարմիր խաչի նախագահը յայտնած է, որ պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձի հարցին մէջ յառաջընթաց կայ: «Յառաջընթաց կայ, որոշ գերիներ կը վերադառնան հայրենիք: Սակայն տակաւին վէճեր կ՛ընթանան որոշ ձերբակալուածներու նիւթով, արդեօք անոնք պատերազմական գերի կը  նկատուի՞ն, ի՞նչ կարգավիճակ ունին եւ կրնա՞ն արդեօք վերադառնալ: Մենք կը շարունակենք զբաղիլ այդ հարցերով», յայտարարած է Մաուրեր:

Ինչ կը վերաբերի Պաքուի մէջ պահուող եւ ներթափանցող նկատուող անձերուն, ապա, Միջազգային կարմիր խաչի նախագահին խօսքով, կազմակերպութեան աշխատակիցները անմիջական հասանելիութիւն ունին անոնց:

Անոր համաձայն, Միջազգային կարմիր խաչը կրնայ ներկայացնել իր փորձառութիւնը, խորհուրդ տալ որեւէ բան, սակայն կառավարութիւնները պէտք է իրենք որոշեն այդ մարդոց վերջնական կարգավիճակը:

«Մենք կապի մէջ ենք երկու կողմերուն հետ ալ: Եւ յոյս ունիմ, որ ապագային կարելի պիտի ըլլայ  խնդիրին լուծում գտնել պահուող բոլոր անձերուն համար», նշած է Մաուրեր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ձերբակալուած անձերը ի՞նչ պայմաններու մէջ կը պահուին Ազրպէյճանի մէջ, Միջազգային կարմիր խաչի նախագահը յայտարարած է, որ իրենք ատոր հանրային գնահատական չեն տար:

«Մենք կ՛այցելենք` գնահատելու համար մարդոց պահման պայմանները, սակայն, ինչպէս գիտէք, ատիկա Միջազգային կարմիր խաչին համար գաղտնապահական հոլովոյթ է: Մենք կը համագործակցինք շրջանի բոլոր երկիրներու իշխանութիւններուն հետ` մեր նկատողութիւնները ընելու համար: Աւելին չեմ կրնար ըսել», նշած է ան:

Մաուրեր յայտնած է նաեւ, որ միջազգային կառոյցը կը սերտէ «Սփութնիք 5» պատուաստանիւթի օգտագործումը զինեալ տագնապներէն վնասուած շրջաններու բնակիչներու, գաղթականներու պատուաստման համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2021, 10:01