Արամ Գարատաղլեան Արամ Գարատաղլեան 

Արամ Գարատաղլեան Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու գործադիր մարմնի անդամ

Յայտնենք, որ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր Կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները, որոնց թիւը կը հասնի 320-ի եւ անոնց աշակերտութիւնը՝ 180.000-ի:

Լիբանանահայ Արամ Գարատաղլեան նշանակուած է Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու  գործադիր մարմնի անդամ։

 Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու քարտուղարութեան նոր գործադիր մարմնի անդմաներու ընտրութիւնը: 

Գործադիր մարմինը կը բաղկանայ ութ անդամներէ, որոնցմէ չորսը նշանակովի են. նշանակուողները կ'ըլլան այն դպրոցներու համախմբումներէն, որոնք ամենաշատ աշակերտներ ունին, իսկ միւս չորսը՝ ընտրովի: Այս խորհուրդը՝ գործադիր մարմինը, ուղղակի կ'օժանդակէ նորանշանակ ընդհանուր քարտուղարին :

Այս չորս անդամներէն, առաջին անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեան: 

Նշենք, որ  Արամ Գարատաղլեան անդամ է միեւնոյն քարտուղարութեան ուսումնական յանձնախումբին, վերջերս նշանակուած էր նաեւ Կաթողիկէ Անկլոֆոն Դպրոցներու Ընդհանուր Համակարգող: 

Յայտնենք, որ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր Կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները, որոնց թիւը կը հասնի 320-ի եւ անոնց աշակերտութիւնը՝ 180.000-ի: 

Մեր կարգին լաւագոյն բարեմաղթութիւնները  կը յղենք պրն. Գարատաղլեանին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ  արդիւնաւէտ  գործունէութիւն։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 08:14