«Եւրօ-2020». 53 տարի ետք Իտալիա դարձեալ Եւրոպայի լաւագոյնը «Եւրօ-2020». 53 տարի ետք Իտալիա դարձեալ Եւրոպայի լաւագոյնը 

«Եւրօ-2020». 53 տարի ետք Իտալիա դարձեալ Եւրոպայի լաւագոյնը

Իտալիա տիրացաւ տիտղոսին, փենալթի-ներով յաղթելէ ետք Անգլիոյ

1968-ին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած, 53 տարուան երկար սպասումէ մը ետք, դարձեալ հանդիսացաւ Եւրոպայի լաւագոյնը, երէկ գիշեր փենալթի-ներով`

3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անգլիոյ, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հասնէր աւարտականին:

Իտալիա Տիրացաւ Տիտղոսին, Փենալթի-ներով Յաղթելէ Ետք Անգլիոյ

Երէկ գիշեր, իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը («Եւրօ-2020»), երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` Անգլիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ, Անգլիոյ մայրաքաղաք` Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ:

1968-ին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած` Իտալիա, չորրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցէր աւարտականի մրցումին, մինչ Անգլիա` առաջին անգամ ըլլալով:

Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր նետըրլենտցի` Պիորն Քուիփերս:

Անգլիա շատ արագ կոլ մը նշանակեց, երբ Քիերըն Թրիփիերի փոխանցումէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտի 25 տարեկան յետսապահ` Լուք Շօ նշանակեց անգլիացիներուն եւ մրցումին առաջին կոլը, 2-րդ վայրկեանին:

Այդ կոլէն ետք, թէեւ Իտալիա փորձեց պատասխանել, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով:

64-րդ վայրկեանին սակայն, Իտալիա նշանակեց իր հաւասարութեւան կոլը, շնորհիւ, Եուվենթուսի 34 տարեկան յետսապահ` Լէոնարտօ Պոնուչչիի:

Նկատի ունենալով որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ երկարաձգման:

Նշենք, որ իտալացիք իրենց նշանակած կոլէն ետք, շատ աւելի լաւ ներկայացում մը ունեցան եւ աւելի վտանգաւոր առիթներ ստեղծեցին, քան անգլիացիք:

Մրցումին 90 վայրկեաններուն նման, հաւասարութեամբ աւարտեցան նաեւ երկարաձգման 30 վայրկեանները:

Դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթի-ներուն, որուն ընթացքին Իտալիա յաղթական դուրս եկաւ, արձանագրելով` 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ բնականաբար տիրացաւ տիտղոսին, իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով::

Անգլիայէն իրենց առաքելութեան մէջ ձախողեցան` Մարքուս Ռեշֆորտ, Ճէյտըն Սանչօ եւ Պուքայօ Սաքա, իսկ Իտալիայէն` Անտրէա Պելոթթի եւ Ժորժինիօ:

Քաղուած Ազդակ էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2021, 09:00