Մեծ հրդեհ Իրաքի «Ալ Նասրիյա» քաղաքին մէջ. Մեծ հրդեհ Իրաքի «Ալ Նասրիյա» քաղաքին մէջ.  

Մեծ հրդեհ Իրաքի «Ալ Նասրիյա» քաղաքին մէջ. Զոհերու թիւը հասած է 40-ի

Հրդեհը ծագած է «Ալ Նասրիայա» քաղաքի «Ալ Հիւսէյն հիւանդանոցին մէջ եւ այն ծագած է «Քովիտ»ով վարակուած հիւանդներու մեկուսարանին մէջ։

 Իրաքի «Ալ Նասրիյա» քաղաքին մէջ ծագած հրդեհի մը հետեւանքով 40 անձեր զոհուած են։ Տեղեկութիւնը կու տայ Skynews Arabya կայանը։

Ունկնդրէ լուրը

Աղբիւրը մասնաւորապէս կը հաղորդէ, որ մեծ հրդեհը ծագած է «Ալ Նասրիայա» քաղաքի «Ալ Հիւսէյն հիւանդանոցին մէջ եւ այն ծագած է «Քովիտ»ով վարակուած հիւանդներու մեկուսարանին մէջ։ Ըստ վերջին տուեալներուն հրդեհը եղած է թթուածինի պահեստարանի մը պայթումին հետեւանքով։Կը նշուի նաեւ, որ կրակին հետեւանքով տասնեակ դիակներ ածխացած են, իսկ ԱԻՆ մարմիններու ճիգերով աւելի քան տարբեր մակարդակի 70 վիրաւորեալներ դուրս բերուած են հիւանդանոցէն։Յիշեցնենք, որ «Ալ Նասրիա» քաղաքը կը համարուի «Զի Քար» նահանգի շրջկեդրոն քաղաք եւ հրդեհը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ Իրաքի մէջ։Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Ալ Քազէմի թողած է իր հերթական աշխատանքները եւ ուղեւորուած դէպքի վայր։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 08:15