Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական խորհրդարանը 

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական սահմանի ապառազմականացման եւ Հսկողութիւն կատարելու» կ՛ըսէ Միշել

Եւրոպական Միութիւնը յոյսով է, որ շուտով Ղարաբաղի մէջ ականապատ տարածքներու քարտէսներու եւ պահուող անձերու խնդիրը պիտի լուծուի:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ըսած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պետական սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ջանքեր գործադրելու տարբեր ուղղութիւններով յառաջընթացի հասնելու համար: Օրինակ` (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ) սահմանի սահմանազատման հարցին մէջ: Մենք պատրաստ ենք այդ հարցով եւրոպացի փորձագէտներ ուղարկելու, եւ եթէ անհրաժեշտութիւն ու ցանկութիւն ըլլայ, ապա Եւրոպան պատրաստ է նաեւ հսկողութիւն կատարելու», ըսած է Միշել` Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նաեւ սահմանային վէճի հարցը քննարկելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Միշել աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յոյսով է, որ շուտով Ղարաբաղի մէջ ականապատ տարածքներու քարտէսներու եւ պահուող անձերու խնդիրը պիտի լուծուի:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը մէկ օր առաջ յոյս յայտնած էր, որ Հայաստանի սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը կարելի կ՛ըլլայ լուծել բանակցութիւններու միջոցով:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2021, 11:45