Հարիրի Հարիրի 

Հարիրի կը հրաժարի կառավարութիւնը կազմելու պարտականութենէն. նախագահ Աուն շուտով կը ձեռնարկէ վարչապետի նշանակման նոր խորհրդակցութիւններու

Հարիրի Պաապտայի հարթակէն յայտարարեց իր հրաժարականը` զայն վերագրելով նախագահ Աունի եւ իր միջեւ համախոհութեան չգոյութեան:

Մօտ իննամսեայ ձգձգումէ ետք, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին հետ քննեց նախանցեալ օր իր ներկայացուցած կառավարութեան ցանկին «ճակատագիրը»: Կարճատեւ խորհրդակցութենէ ետք, Հարիրի Պաապտայի հարթակէն յայտարարեց իր հրաժարականը` զայն վերագրելով նախագահ Աունի եւ իր միջեւ համախոհութեան չգոյութեան: «Նախագահին ներկայացուցի 24 նախարարներէ բաղկացած ցանկ մը եւ 24 ժամուան նոր առիթ տուի անոր, որ սերտէ եւ ապա  պատասխանէ,  սակայն նախագահ Աուն ըսաւ, որ մենք պիտի չկարենանք համաձայնիլ», յայտնեց Հարիրի` իր հրաժարականը արդարացնելով:

Իր կարգին, Պաապտայի նախագահական պալատը հաղորդագրութեամբ մը անդրադառնալով Հարիրիի յայտարարութիւններուն պարզեց իր տեսակէտը: Ըստ նախագահական պալատի հաղորդագրութեան, Հարիրի իր կողմէ նախորդ 18 նախարարներու թեկնածուներու ցանկին վրայ աւելցուցած է վեց նոր թեկնածուներու անուններ` հիմնական փոփոխութեան ենթարկելով նախորդ 18 թեկնածուներու ինքնութիւնները: «Ամէն անգամ որ փորձ կը կատարուէր անունի մը շուրջ խորհրդակցելու, Հարիրի կը մերժէր` ըսել ուզելով. «Կա՛մ կ՛որդեգրէք այս ցանկը, կա՛մ ալ կը մերժէք զայն»: Հետեւաբար կարելի չեղաւ համախոհութեամբ քննարկել այս հարցը»: Պաապտայի տեղեկատուութեան գրասենեակը յայտնեց, թէ Հարիրի նախապէս վճռած էր հրաժարիլ, եւ իր կեցուածքները պարզապէս իր հրաժարականը արդարացնելու կը ծառայէին: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, թէ նախագահ Աուն շուտով պիտի ձեռնարկէ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութեանց` վարչապետի նոր թեկնածուի նշանակման գծով:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 09:37