Քուպայի մէջ կառավարութեան դէմ բազմամարդ ցոյց Քուպայի մէջ կառավարութեան դէմ բազմամարդ ցոյց 

Քուպայի մէջ տնտեսական կացութեան վատթարացման եւ «Քորոնա»-ի պատճառով կառավարութեան դէմ բազմամարդ ցոյց

հազարաւոր Քուպացիներ փողոց դուրս եկան տնտեսական կացութեան վատթարացման եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով: Ցոյցերը տարածուեցան Հաւանայի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Քուպայի Արթեմիսա նահանգի շուրջ 50 հազար բնակչութիւն ունեցող եւ մայրաքաղաք Հաւանայէն շուրջ 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սան Անթոնիօ տէ Լոս Պանիոս շրջանին մէջ հազարաւոր քուպացիներ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին` բացագանչելով «Հայրենիքն ու կեանքը», «Անկցի՛ բռնատիրութիւնը», «Ազատութիւն կ՛ուզենք» եւ «Չենք վախնար»: Երիտասարդ ցուցարարներ վարկաբեկիչ բացագանչութիւններ կատարեցին երկրի նախագահ Միկել Տիազ-Քանելի հասցէին:

Անոնք փողոց դուրս եկան տնտեսական կացութեան վատթարացման եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով: Ցոյցերը տարածուեցան Հաւանայի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Երկիրը 30 տարուան մէջ իր յոռեգոյն տնտեսական տագնապը կը դիմագրաւէ: «Քորոնա» ժահրի համաճարակին սկիզբէն ի վեր քուպացիները կը ստիպուին սննդեղէն ստանալու համար երկար շարքերու մէջ կարգի սպասել եւ դեղորայքի սակաւութիւն կը դիմագրաւեն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ընկերային սուր տագնապներու:

Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ այն օրը, երբ Քուպայի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ու մահացածներուն թիւը նոր մրցանիշ արձանագրեց: 6923 անձ վարակուած է` վարակուածներուն թիւը բարձրացնելով 238491-ի, եւ մահացած են 47 անձեր` մահացածներուն թիւը բարձրացնելով 1537-ի:

Նախագահ Տիազ-Քանել երկրին մէջ տիրող կացութեան համար մեղադրեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան օրերուն հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները` աւելցնելով, որ ցոյցերը ընկերային ցանցերու ճամբով հրահրուած են «քուպայական-ամերիկեան մաֆիային կողմէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սոլիվըն Քուպան զգուշացուց համայնավար կառավարութեան դէմ հազուադէպ ցոյցին մասնակիցները թիրախաւորելէ:

«Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Քուպայի ամբողջ տարածքին խօսքի եւ հաւաքի ազատութեան, եւ բուռն կերպով պիտի դատապարտէ իրենց իրաւունքները գործադրող խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ որեւէ բռնարարք կամ թիրախաւորում», նշեց Սոլիվըն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քուպայի վարչակարգին կոչ ուղղեց` «փոխանակ իր հարստութիւնը աւելցնելու` ականջ տալու իր ժողովուրդին եւ անոր ազատութեան համար եւ ներկայ դժուար փուլին իր կարիքները բաւարարելու համար բարձրաձայն կոչին»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 10:03