ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս 

ՀԱՊԿ-ը պիտի չմիջամտէ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ ստեղծուած կացութեան։

«Պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ¬ի ներուժը կ՛օգտագործուի միայն (անդամ երկիրներէն մէկուն ուղղուած) յարձակումի պարագային: Այստեղ գործ ունինք, ըստ էութեան, սահմանային միջադէպի հետ: Փա՛ռք Աստուծոյ, զոհեր չկան, կրակոցներ չկան: Ասիկա սահմանային միջադէպ է, ատիկա պէտք է լուծուի, եւ մենք կողմնակից ենք զայն խաղաղ ճամբով լուծելուն»։

Հայաստանի հարաւը Ազրպէյճանի հետ նոր սահմանի հաստատման առնչուած կացութեան սրումը «սահմանային միջադէպ» է եւ չի համապատասխաներ հաւաքական պաշտպանութեան մասին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կանոնագրութեան կէտերուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:

«Պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ¬ի ներուժը կ՛օգտագործուի միայն (անդամ երկիրներէն մէկուն ուղղուած) յարձակումի պարագային: Այստեղ գործ ունինք, ըստ էութեան, սահմանային միջադէպի հետ: Փա՛ռք Աստուծոյ, զոհեր չկան, կրակոցներ չկան: Ասիկա սահմանային միջադէպ է, ատիկա պէտք է լուծուի, եւ մենք կողմնակից ենք զայն խաղաղ ճամբով լուծելուն», ըսած է ան:

Ըստ անոր գնահատականին տագնապի սրում չկայ:

«Ստիպուած չենք խօսիլ այն մասին, որ հիմա կացութիւնը որոշ չափով կը սրի: Ասիկա արդէն լաւ է, ասիկա արդէն արդիւնք է: Մեր առջեւ շատ աշխատանք կայ սահմանային խնդիրի լուծման, այս բոլոր վիճայարոյց հարցերու լուծման առումով, սակայն անոնք պէտք է լուծուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ», նշած է Զաս:

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ յայտնած է, որ կազմակերպութիւնը Հայաստանի` մայիսեան դիմումէն ետք, խորհրդակցութիւններ կատարած է երկիրի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ: «Նման խորհրդակցութիւններ կատարուած են պաշտպանութեան նախարարներու, անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու մակարդակով, եւ ես կապուած եմ թէ՛ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, թէ՛ ալ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Մենք քննարկած ենք այս կացութիւնը: Բացի ատկէ, այս կացութեան քննարկում կատարած ենք ՀԱՊԿ¬ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին, որ գումարուած է Տուշանպէի մէջ», ըսած է ան:

Զաս հաւաստած է, որ ՀԱՊԿ-ը մշտապէս կը հսկէ Հայաստանի հարաւին մէջ տիրող կացութեան: «Հսկողութեան խումբ ստեղծելու մասին որոշում չէ որդեգրուած, հակառակ որ, ի հարկէ, կացութիւնը կը վերահսկուի», ըսած է ընդհանուր քարտուղարը:

«Կազմակերպութիւնը անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը կը ստանայ բազմաթիւ աղբիւրներէ, ներառեալ հայկական կողմի եւ ռուս խաղաղապահներու աղբիւրները», աւելցուցած է ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2021, 10:50