Կարմիր Խաչ Կարմիր Խաչ 

Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելած են Պաքու գտնուող Հայ գերիներուն

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալ չի հրապարակեր:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ այցելած են գերեվարուած հայ անձերու: Հայաստանի մէջ կառոյցի հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Լուրեր»-ուն յայտնած է, որ իբրեւ չէզոք միջնորդ, իրենք կը շարունակեն պարբերական այցելութիւնները Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներուն եւ քաղաքայիններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Ունկնդրէ լուրը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալ չի հրապարակեր: 3 յուլիսին 15 հայ գերիներու վերադարձէն ետք Ազրպէյճան այժմ կը հաստատէ 45 անձերու գերութեան փաստը:

Զառա Ամատունիի համաձայն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու հերթական այցելութիւնը տեղի ունեցած է յունիսի վերջաւորութեան, յուլիսի սկիզբը:

«Սփութնիք Արմենիա» կը գրէ, որ յատկանշական է, որ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այցելած են այն անձերուն, որոնց գերեվարումը Ազրպէյճանի իշխանութիւնը պաշտօնապէս հաստատած է: Այս այցելութիւններուն ծիրին մէջ եւս կարելիութիւն ընձեռուած է բոլոր գերեվարուած հայերուն տեսաուղերձներ ձայնագրելու իրենց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ կատարելու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, օգտուելու նաեւ նամակներ գրելու կարելիութենէն:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2021, 09:30