ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակ 

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը հաստատեն երկկողմանի անմիջական խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու իրենց առաջարկը

«Համանախագահները կը վերահաստատեն իրենց ամուր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին եւ անոր խումբի շարունակական ջանքերուն», կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Խովայեւը (Ռուսիա) հրապարակած են յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող լարուածութեան:

«Համանախագահները մտահոգութեամբ կը հետեւին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի երկայնքին տեղի ունեցող վերջին միջադէպերուն, ներառեալ զոհերու մասին լուրերը: Համանախագահները Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ’ուղղեն` անյապաղ մեղմացնելու կացութիւնը, զերծ մնալու սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ գործողութիւններէն, ինչպէս նաեւ ամբողջովին կատարելու 9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ եւ զինադադարի մասին այլ միացեալ համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Համանախագահները կը վերահաստատեն գոյութիւն ունեցող բոլոր հիմնական հարցերուն շուրջ բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծման անհրաժեշտութիւնը եւ կողմերուն կոչ կ’ուղղեն` կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ` համանախագահներու հովանիին տակ: Անոնք կը վերահաստատեն իրենց հովանիին տակ երկկողմանի անմիջական խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու առաջարկը, որպէսզի կողմերը վերատեսութեան ենթարկեն եւ համաձայնին կառուցուածքային օրակարգի շուրջ` արտացոլացնելով իրենց առաջնահերթութիւնները` առանց նախապայմաններու:

«Համանախագահները կը վերահաստատեն իրենց ամուր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին եւ անոր խումբի շարունակական ջանքերուն», կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 09:02