ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստ 

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը միաձայնութեամբ դատապարտեց Կիպրոսի հարցին մէջ Էրտողանի միակողմանի քայլերը

Ապահովութեան խորհուրդի անդամները դատապարտեցին թուրք կիպրացիներու ղեկավարին 20 յուլիս 2021-ին կատարած Վարոշա փակ շրջանի մէկ մասը վերաբանալու մասին յայտարարութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ, որդեգրեց յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով Կիպրոսի հարցը լուծելու «երկու ընկերութիւններով եւ քաղաքական գետնի վրայ իրարահաւասար երկու շրջաններով դաշնակցային համակարգի մը հիմամբ», ինչպէս նաեւ «դատապարտեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միակողմանի քայլերը»:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամները դատապարտեցին թուրք կիպրացիներու ղեկավարին 20 յուլիս 2021-ին կատարած Վարոշա փակ շրջանի մէկ մասը վերաբանալու մասին յայտարարութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ցաւ յայտնեց այդ միակողմանի քայլերուն նկատմամբ, որոնք կը հակասեն խորհուրդի որոշումներուն եւ նախկին յայտարարութիւններուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2021, 09:28