Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը 

Եւրոպական միութիւնը աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին եւ աջակցի խաղաղութեան հաստատման

Եւրոպական Միութիւնը 9-10 միլիոն եուրոյի մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ հակամարտութենէն տուժածներուն՝ միշտ պատրաստ ըլլալով շատ աշխոյժ դեր ստանձնել` մարդասիրական ճգնաժամը յաղթահարելու համար:

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Օլիվըր Վարհելյի Պաքուէն յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանին՝ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու՝ աւելցնելով, որ այս գծով արդէն քննարկումներ կատարած է Ատրպէյճանի մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան ու Հայաստան արդէն քայլերու ձեռնարկած են այս ուղղութեամբ` գերիներուն մէկ մասը վերադարձնելով ականապատ տարածքներու քարտէսներուն դիմաց: «Մենք նաեւ պատրաստ ենք օգնելու թէ՛ ֆինանսական եւ թէ այլ ձեւերով, որպէսզի այդ քայլերը շարունակուին: Այսպիսով, Եւրոպական Միութեան ջանքերը թափանցիկ են եւ հասանելի երկու կողմերուն` օգնելու անոնց յառաջ ընթանալու եւ վերակառուցելու տարածաշրջանը», ըսաւ Վարհելյի:

Հայաստանի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 9-10 միլիոն եուրոյի մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ հակամարտութենէն տուժածներուն՝ միշտ պատրաստ ըլլալով շատ աշխոյժ դեր ստանձնել` մարդասիրական ճգնաժամը յաղթահարելու համար:

Ան դիտել տուաւ, որ իր այցելութեան նպատակն է՝ տնտեսական եւ ֆինանսական ներդրումներու մեծ ծրագիրի իրականացումը հետապնդել՝ «Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամը յաղթահարելու համար:

«Մենք պատրաստ ենք գործնական կերպով շատ մեծ ներդրում իրականացնելու` Հայաստանի տնտեսութեան վերականգնման համար` Արեւելեան գործընկերութեան ամբողջ տարածաշրջանին հետ: Մենք աշխատեցանք այս ծրագիրին գծով Հայաստանի կառավարութեան հետ: Այս ծրագիրին իբրեւ արդիւնք՝ պէտք է տնտեսական աճը եւ աշխատատեղերու յաւելումը կարելի եղածին չափ արագ ընթանան։ Մենք կ՛ուզենք ստեղծել առեւտրական ուղիներ եւ կապակցուածութիւն եւրոպական շուկաներու, եւրոպական տնտեսութեան հետ, որուն միջոցով այս տարածաշրջանը կրնայ շատ արագ մօտեցնել Եւրոպական Միութեան: Մեր ծրագիրով սեղանին կը դրուի 2.3 միլիառ եուրոյի դրամաշնորհ ամբողջ տարածաշրջանին համար, եւ այս ծրագիրով մեր գործընկերներուն հետ կարելի է համախմբել առնուազն 17 միլիառ եուրոյի ներդրումներ ամբողջ տարածաշրջանին համար: Հայաստանի համար մենք կ՛առաջարկենք 5 առաջնահերթ յատուկ ծրագիրներ` երթեւեկի կապակցուածութիւն, ուժանիւթի խնայողութիւն, վերականգնող ուժանիւթ, թուային վերափոխում, աջակցութիւն փոքր եւ միջին գործառնութիւններու: 1.6 միլիառ եուրօ կը յատկացնենք այս առաջնահերթ յատուկ ծրագիրներուն համար եւ այլ աղբիւրներով՝ յաւելեալ 1 միլիառ եուրօ, այսինքն ընդհանուր 2.6 միլիառ եուրօ՝ Հայաստանի համար», յայտնեց Վարհելյի:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2021, 08:28