Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի  

«Հայ համայնքը մաս պիտի կազմէ կառավարութեան» շեշտեց Յ. Բագրատունի

Վարչապետ Միքաթիին մօտ շօշափեցինք լաւատեսութիւն մը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագ կերպով կատարելու իմաստով:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպում մը ունեցան` կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Փակեցինք վարչապետի թեկնածութիւն առաջադրելու էջը: Վարչապետ Միքաթիի հետ մեր հանդիպումը անկեղծ էր եւ մտերմիկ: Մաղթեցինք, որ վարչապետ Միքաթի արագացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Կառավարութիւն մը, որ հասկնայ ժողովուրդին ապրած տառապանքը, եւ վստահ ենք, որ վարչապետը աւելի լաւ գիտէ ժողովուրդին կացութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան կու գայ շրջանէ մը, ուր աղքատութիւն կայ, սակայն չի դադրիր արժանապատիւ շրջան մը ըլլալէ:

Վարչապետ Միքաթիէն խնդրեցինք նաեւ փտածութեան դէմ անմիջական քայլերու ձեռնարկել, հետապնդել իրաւական հաշուեքննութեան հոլովոյթը, շարունակել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը եւ պատժել ոճրագործները, ինչպէս նաեւ պետական գանձարկղէն իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնել Լիբանան:

Վարչապետ Միքաթիին մօտ շօշափեցինք լաւատեսութիւն մը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագ կերպով կատարելու իմաստով:

Ան կը նախատեսէ, որ կառավարութիւնը բաղկանայ 24 մասնագէտ նախարարներէ, որոնք իրենց մասնագիտական կարողութիւններուն կողքին լաւատեղեակ են երկրին քաղաքական ընդհանուր իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ կը հասկնան ժողովուրդին կարիքները: Անշուշտ այս բոլորը պիտի կատարուի երկրին սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին հիման վրայ»:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ հայ համայնքը մաս պիտի կազմէ կառավարութեան:

Այլ հարցումի մը, որ կ՛ըսէր, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքը չառաջադրեց Միքաթիի թեկնածութիւնը, սակայն մաս պիտի կազմէ կառավարութեան, Յ. Բագրատունի պատասխանեց. «Վարչապետ Միքաթի պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու` իր թեկնածութիւնը առաջադրողներուն կամ չառաջադրողներուն հետ, եւ ասիկա իրաւունք է եւ պարտաւորութիւն»:

Վարչապետ Միքաթիի թեկնածութիւնը չառաջադրելու որոշումը անակնկալ ըլլալու եւ հակազդեցութիւն ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքը հակազդեցութիւն չէր` աւելցնելով, որ ոմանք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ ձեւով կը տրուին այդ որոշումները: «Երէկ կէսօրին ես զարմացայ, որ լիբանանեան բոլոր օրաթերթերն ու կայքերը եկած էին այն եզրակացութեան, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ինքնաբերաբար կ՛առաջադրէ վարչապետին թեկնածութիւնը: Այս անգամ սակայն, մեր որոշումը տարբեր էր: Ինչպէս անցեալ խորհրդակցութիւններուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրեցինք համոզումով, այս անգամ` համոզումով որոշեցինք վարչապետի թեկնածութիւնը չառաջադրել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ամէն անգամ արտաքին ուժերը չեն, որ կ՛որոշեն նախարարը, վարչապետը եւ ոեւէ այլ պատասխանատուն եւ մենք, որ լիբանանցիներուն հաշուետու ենք, պէտք է համաձայն գտնուինք, որովհետեւ արտաքին ուժերը համաձայն գտնուած են:

Վարչապետ Միքաթիի հանդէպ ամբողջ յարգանքովս եւ բարեկամութեան զգացումներով, կ՛ըսեմ այս բոլորը», ըսաւ ան:

Վարչապետի նշանակումին հարցը երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն չէ մասնակցած ժողովրդահաճոյ տրամադրութիւններով կամ քաղաքական մղումներով: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին` ընտրութիւններուն կը մասնակցինք լրջութեամբ եւ մեր դաշնակիցները կ՛ունենանք: Կա՛մ կը յաղթենք, կա՛մ կը պարտուինք, յոյսով, որ յաղթական դուրս կու գանք», շեշտեց ան:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որոշումը` կառավարութեան մաս չկազմելու, յատուկ է իրեն` աւելցնելով սակայն, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մաս պիտի կազմէ կառավարութեան: Ան շեշտեց նաեւ, որ թեկնածութիւն առաջադրելը կամ չառաջադրելը կառավարութեան մաս կազմելու հետ կապ չունի, որովհետեւ նախապէս պատահած է, որ շատեր վարչապետի թեկնածութիւն չեն առաջադրած, սակայն կառավարութեան մաս կազմած են:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2021, 08:45