Փութին եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Փութին եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը 

Փութին եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնեցին համակարգելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման տարբեր երեսներ, այդ կարգին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին վերաբերող:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, այլ հարցերու կողքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Փութին տեղեկացուց 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին մասին: Նշուեցաւ, որ շրջանին մէջ իրավիճակը կը մնայ կայուն՝ հիմնականին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան շնորհիւ։

Ըստ անոնց՝ կան նախադրեալներ տնտեսական բնականոն գործունէութեան հաստատման, տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման համար։

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծեց եւրոպական գործընկերներու, յատկապէս Ֆրանսայի աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը՝ լուծելու հարցերը բնակիչներուն այն շրջաններուն, որոնք տուժած են մարտական գործողութիւններէն:

Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնեցին համակարգելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման տարբեր երեսներ, այդ կարգին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին վերաբերող:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2021, 10:06