Մարոնի պատրիարքութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու 100-ամեակի նշում Մարոնի պատրիարքութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու 100-ամեակի նշում 

Պքերքէի մէջ. Մարոնի պատրիարքութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու 100-ամեակի նշում

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը մնայ Լիբանանի եւ մարոնի պատրիարքութեան բարեկամ երկիր:

Հինգշաբթի, 8 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Անտոնեան եղբայրներու միաբանութենէն հայր Անթուան Տաուի «Մարոնի պատրիարքութեան յարաբերութիւնը Սէուտական Արաբիոյ հետ» խորագիրը կրող գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընդմէջէն նշուեցաւ մարոնի պատրիարքութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն 100-ամեակը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը մնայ Լիբանանի եւ մարոնի պատրիարքութեան բարեկամ երկիր:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը եւ կատարելու երեսփոխանական, ապա նախագահական ընտրութիւններ:

«Անկարելի է մոռնալ Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնն ու մնայուն նեցուկ կանգնիլը Լիբանանին, յատկապէս այն իրականութիւնը, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին արաբական երկիրն է, որ յարգած է լիբանանցիներուն որոշումներն ու անոնց սովորութիւնները», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կ՛ըմբռնէ Լիբանանի գոյութեան իմաստն ու արժէքը եւ կը փութայ անոր անկախութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդումին:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա լիբանանցիներուն միջեւ խտրութիւն չէ դրած, եւ միշտ յարգած է ու զօրակցած քրիստոնեաներուն: Ան մաղթեց, որ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց նախկին ինքնաբուխ իրավիճակին, աւանդութիւններուն եւ աշխուժութեան:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց ազգային ընդարձակ հանդիպում մը կազմակերպելու, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել հայրենիքը` կազմելով նոր կառավարութիւնը եւ կատարելով երեսփոխանական ընտրութիւններ:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանի եւ անոր արաբական միջավայրին միջեւ մտերմութիւնը եւ ամրապնդուած կապերը խախտել` զայն առաջնորդելով դէպի այնպիսի առանցքներ, որոնք լիբանանեան սահմանադրութեան հետ հակադրութեան մէջ կը գտնուին:

Պուխարի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը Լիբանանի գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատեն:

«Սադրանքի, բաժանումի եւ պառակտումի բառամթերքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի արաբական ինքնութիւնը ժխտող արտայայտութիւնները օրինականութիւն չունին», ըսաւ Պուխարի եւ մեկնակէտ ունենալով Պքերքէի ազգային հեղինակութիւնը յանձնարարեց պաշտպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, որուն հիմքը կը նկատուի Թաէֆի համաձայնագիրը:

Պուխարի մաղթեց, որ արաբական համախմբող հովանիի ներքեւ կարելի ըլլայ վերանորոգել եղբայրութիւնն ու գործակցութիւնը` հիմնուելով չափաւորականութեան, երկխօսութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան վրայ:

Ան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա պիտի չարտօնէ, որ լիբանանեան ազգային ինքնութիւնը խախտուի որեւէ պատճառաբանութեամբ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2021, 08:24