Հայ ատրպէյճանական սահման Հայ ատրպէյճանական սահման 

Ազրպէյճան կրկին խախտած է պայմանաւորուածութիւնը. Հայ զինուոր մը վիրաւորուած է։

Դէպքերուն անդրադարձաւ տեղեկահաւաքի նպատակով շրջան այցելած մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` նշելով, որ ազրպէյճանցիները պարբերաբար կը կրակեն գիւղի եւ քաղաքացիական բնակիչներով բնակեցուած սարատեղիին ուղղութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Երէկ` հինգշաբթի, 29 յուլիսին, մօտաւոր ժամը 3:00-ին, Հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ, Քարվաճառի ուղղութեամբ, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, խախտելով մէկ օր առաջ ձեռք բերուած` կրակի դադրեցման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը, կրկին դիմեցին սադրանքի` հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հրաձգութեան պատճառով հայ զինուոր մը վիրաւորուեցաւ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններէն ետք կրակը դադրեցաւ: Ժամը 7:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հանգիստ էր, կրակոցներ չկային:

Դէպքերուն անդրադարձաւ տեղեկահաւաքի նպատակով շրջան այցելած մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան` նշելով, որ ազրպէյճանցիները պարբերաբար կը կրակեն գիւղի եւ քաղաքացիական բնակիչներով բնակեցուած սարատեղիին ուղղութեամբ:

Արման Թաթոյեան հաստատեց, որ այցելութեան արդիւնքները պիտի ներկայացուին միջազգային կառոյցներուն (ՄԱԿ, Եւրոպական խորհուրդ, Եւրոպական Միութիւն եւ այլն), ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համապատասխան մարմիններուն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2021, 07:59