Թուրքերը  պղծած են Պոլսոյ սուրբ Թագաւոր Հայկական եկեղեցին Թուրքերը պղծած են Պոլսոյ սուրբ Թագաւոր Հայկական եկեղեցին 

Թուրքերը պղծած են Պոլսոյ սուրբ Թագաւոր Հայկական եկեղեցին

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատապարտած է այս արարքը:

Թուրքերը պղծած են Պոլսոյ Ս. Թագաւոր հայկական եկեղեցին: Ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած է Պոլսոյ հայկական Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պղծման տեսանիւթ: Նկարներուն եւ տեսագրուած ժապաւէնին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ոտնձգութիւն կատարողները բարձրացած են Պոլսոյ Գատըգիւղ շրջանի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մայր դրան վրայ գտնուող հարթակին ու պար բռնած հոն, ուր տեղադրուած է խաչը:

Ունկնդրէ լուրը

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատապարտած է այս արարքը: «Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է անյապաղ հետաքննութիւն սկսի այնտեղ մնայուն ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններուն նկատմամբ», գրած է ան:

Արարքը դատապարտումի մեծ ալիք ստեղծած է մանաւանդ «Թուիթըր»-ի վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2021, 10:01