Հայաստանը ներառուեցաւ Եւրոպական Միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին Հայաստանը ներառուեցաւ Եւրոպական Միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին 

Հայաստանը ներառուեցաւ Եւրոպական Միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին

Այս կը նշանակէ, որ հայաստանաբնակները կրնան առանց որեւէ խոչընդոտի մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն եւ շէնկենեան անդամ երկիրները:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստան ներառուեցաւ Եւրոպական միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ SchengenVisaInfo.com-ը:

«Յաւելեալ 11 երկիրներու բնակիչներ պիտի օգտուին Եւրոպական Միութիւն եւ Շէնկենեան գօտիի անդամ պետութիւններ առանց սահմանափակումներու մուտքէն: Եւրոպական Միութեան խորհուրդը այս  երկիրները կ՛աւելցնէ  համաճարակին դիմաց անվտանգ երրորդ երկիրներու ցանկին վրայ:

Որոշումը տրուեցաւ 30 Յունիսին, Եւրոպական Միութեան դեսպաններու հերթական հանդիպման ընթացքին։

Այս կը նշանակէ, որ հայաստանաբնակները կրնան առանց որեւէ խոչընդոտի մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն եւ շէնկենեան անդամ երկիրները:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2021, 09:45