Գինեգործութեան հնագոյն երկիրը Գինեգործութեան հնագոյն երկիրը 

Գինեգործութեան հնագոյն երկիրը. Forbes–ի յօդուածը

Քաթրին Թատի ստորագրած յօդուածին խորագիրն է՝ «Գինեգործութեան հնագոյն երկիրներէն մէկը, որ խաղող կ՛աճեցնէ հակամարտութեան գօտիին մէջ. Հայաստանի վերածնունդը»:

900,000 տպաքանակը գերազանցող ամերիկեան յայտնի ամսագիրը՝ «Ֆորպզ»ը, անգամ մը եւս կ՛անդրադառնայ հայկական գինիներուն եւ Հայաստանի խաղողագործութեան։ Ամսագիրը կը պատմէ հայաստանեան գինեգործութեան աւանդութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին հայ գինեգործները: 

Քաթրին Թատի ստորագրած յօդուածին խորագիրն է՝ «Գինեգործութեան Հնագոյն Երկիրներէն Մէկը, Որ Խաղող Կ՛աճեցնէ Հակամարտութեան Գօտիին Մէջ. Հայաստանի Վերածնունդը»:

 Թատ կը ներկայացնէ այն գինեգործները, որոնց բերքը կ՛աճի Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ գօտիին մէջ: «Գինեգործութեան որոշ շրջաններու մէջ խաղողագործները երբեմն ստիպուած են շիշերով լեցուած արկղերով փախուստ տալ թշնամիի գնդակէն… Հայ գինեգործները շատ բաներ տեսած եւ ապրած են. խորհրդային տարիներուն, անոնք ստիպուած եղած են պաշտպանուելու բռնաճնշումներէ, միութեան փլուզումէն ետք անորոշութեան մէջ յայտնուած են, իսկ հիմա` հակամարտութեան գօտիին մէջ են, ուր իւրաքանչիւր բերքահաւաք կրնայ կենաց-մահու իրավիճակ ստեղծել», կը գրէ յօդուածագիրը։

Խօսքը մասնաւորապէս Բերդաւան սահմանամերձ գիւղին մասին է, որ կը գտնուի Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ:

«Հետաքրքրականը այն է, որ մարդիկ ամէն ձեւով կը շարունակեն մշակել իրենց բերքը եւ յատուկ թրթիռով կը վերաբերին գինիի արտադրութեան հետ, մանաւանդ որ բարձրորակ հայկական գինիներու պահանջը կ՛աւելնայ», կը գրէ Քաթըրին Թոտ։

Յօդուածին հեղինակը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի մէջ  յայտնաբերուած է այսօրուան դրութեամբ աշխարհի հնագոյն գինեգործական համալիրը: «2010ին, Արենի գիւղին մէջ` գինիներով յայտնի Վայոց Ձորի մարզին մէջ, հնագէտները հնագոյն գինեգործական հնձան, խմորման եւ հնացման անօթներ, ըմպանակներ, խաղողի չորցած տունկեր, կեղեւ եւ սերմեր յայտնաբերեցին: Գտածոն 6000 տարեկան է: Անոնք գտնուեցան Արենի 1 կոչուող քարանձաւին մէջ», կը նշէ Թատ։

«Ֆորպզ»ի յօդուածագիրը նաեւ կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ խաղողի առաւել քան 400 տեղական տեսակներ կան:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2021, 10:21