Հայկ Մարտիրոսեան Հայկ Մարտիրոսեան 

Հայկ Մարտիրոսեան ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ատրպէյճանի թիւ մէկը

Գերվարպետ Հայկ Մարտիրոսեանի յաջորդ մրցակիցն է խորուաթ Անտէ Պրիչ:

Սոչիի մէջ կը շարունակուին աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մրցումները:

Երեքշաբթի օր, Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան, որ երրորդ հանգրուանին տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ատրպէյճանի ճատրակի թիւ մէկ գերվարպետ Շահրիար Մամետեարովի դէմ, որ աշխարհի մէջ վեցերորդ դասուած է՝ 2782 վարկանիշով։ Մարտիրոսեան ունի 2632 վարկանիշ։

Գերվարպետ Հայկ Մարտիրոսեանի յաջորդ մրցակիցն է խորուաթ Անտէ Պրիչ:

Միւս կողմէ, պայքարէն դուրս մնացին՝ Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Էլինա Դանիէլեան: Լեւոն Արոնեան առողջական հարցերու պատճարով չի մասնակցիր մրցաշարքին, որուն նախորդ բաժակակիրն է:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2021, 09:00