Արամ Ա կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապին հետ Արամ Ա կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապին հետ 

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս Պապէն խնդրեց օգտակար դառնալ Արցախի պատերազմի գերինեու տուն վերադարձին։

Գերիներու վերադարձի հարցին գծով իր ունեցած վերոյիշեալ հանդիպումներուն մասին վեհափառ հայրապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովի ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յարմար առիթով Ֆրանչիսկոս պապին հետ առանձին անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ յատկապէս ցարդ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ է պատերազմի գերիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ցուցաբերած հակաօրինական մօտեցումը: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին, որ անդրադարձած էր գերիներու հարցին եւ խնդրեց, որ յարմար առիթով դարձեալ անդրադառնայ հայ ժողովուրդը յուզող յիշեալ հարցին, օգտակար հանդիսանալով գերիներու շուտափոյթ վերադարձին: Վեհափառ հայրապետը նոյն հարցին շուրջ նաեւ խօսեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինին հետ:

Գերիներու վերադարձի հարցին գծով իր ունեցած վերոյիշեալ հանդիպումներուն մասին վեհափառ հայրապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուց Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2021, 11:21